2015-11-14 14:28:00

Ողորմութեան պատգամը` ատելութեան եւ վախի դիմաց։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս օրերուն անմիտ եւ սարսափելի բռնութեան զայրացումին ի տես, շատեր հարց կու տան թէինչ ձեւով հակազդել այս իրողութեան, մինչ ուրիշներ հարց կու տան ինչպէս ապրիլ Յոբելենական տարւոյն սպասումը։

Ուշադրութիւն։ Այս մարդասպանները` տոգորուած անիմաստ ատելութեամբ ահաբեկիչներ են որովհետեւ կ՛ուզեն ահաբեկչութիւնը տարածել։ Եթէ մենք զիջինք ու վախի ենթարկուինք անոնք հասած պիտի ըլլան իրենց նպատակին։ Առաւել մէկ պատճառ մը հաստատակամ եւ քաջութեամբ դիմադրելու վախի փորձութեան։ Բնականաբար զգուշութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ու պէտք եղած ողջամիտ նախազգուշանան միջոցներով''։ Այս խօսքերով է որ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին` Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը սկիզբ կու տայ իր գրութեան` Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական արարքներուն ու անոնց հետեւանքներուն մասին խորհրդածութիւն մը կատարելով։

Ան կը հաստատէ թէ հարկաւոր է շարունակել ապրիլ ու կառուցել խաղաղութիւնը եւ փոխադրած վստահութիւնը, մատնանշելով թէ Յոբելենական տարին առ աւելիով կը դառնայ անհրաժեշտ երեւոյթ մը­ իր  ողորմութեան պատգամով որ է Աստուծոյ սէրը` որուն հետեւանքն է փոխադարձ սէրն ու հաշտութիւնը։ Ճիշտ այս է պատասխանը որ պէտք է տրուի յուսահատութեան եւ փորձութեան ժամանակին կը գրէ Հայր Լոմպարտի աւելցնելով թէ  ՅՊԲ Քահանայապետը կ՛ըսէր թէ ողորմութեան պատգամը եղած Աստուծոյ ամենամեծ պատասխանը մռայլ ու դաժան համաշխարհային Բ պատերազմի ժամանակաշրջանի ընթացքին։ 

''Այսօր եւս երբ Ֆրանչիսկոս Պապ կը խօսի մաս մաս իրագործուած երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին, ողորմութեան պատգամը կը դառնայ  անհրաժեշտ մեզ կարող դարձնելու հաշտութեան եւ հակառակ ամէն բանի կամուրջներու կառուցումին, ունենալով սիրոյ քաջութիւնը'' կը գրէ միշտ Հայր Լոմպարտի ու կը հաստատէ ''Ժամանակը չէ հրաժարելու Յոբելեանէն եւ կամ վախի մատնուելու։ Այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունինք անոր։ Ապրինք զայն իմաստութեամբ, քաջութեամբ եւ հոգեւոր սլացքով, շարունակելով միշտ յոյսով նայիլ յառաջ, հակառակ ատելութեան յարձակումներուն։

Հայր Լոմպարտի խորհրդածութիւնը կ՛եզրափակէ ըսելով. ''Ֆրանչիսկոս Պապ մեզ կ՛առաջնորդէ ու մեզ կը հրաւիրէ վստահութիւն ունենալու Տիրոջ Հոգիին վրայ որ մեզի կ՛ընկերանայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.